Киевская Армянская Община 2009-2012

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ 81-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ


Սեպտեմբեր 25-էն Հոկտեմբեր 1-ի միջեւ կայացաւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն՝ նախակրթարանի, երկրորդականի եւ հուսկ՝ մանկապարտէզի վերամուտը, զոր խանդավառօրէն նշելու համար ձեռնարկուեցան համապատասխան միջոցառումներ:




Նախակրթարանի եւ երկրոդականի վերամուտի օրը կայացաւ աւանդական հաւաքը վարժարանի բակին մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ ծնողներ: Աշակերտներ բարձրացուցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշները՝ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին կողքին, կարճ բացատրականներ ներկայացնելով երկու երկիրներուն մասին՝ որպէս լիբանանահայ աշակերտի ինքնութեան զոյգ սիւներ: Այնուհետեւ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան կատարեց աղօթք մը՝ վերամուտին առիթով, մաղթելով բոլորին բարեյաջող կրթական տարի:




Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ մեսրոպեանականի կերպարին վրայ, շեշտելով մանաւանդ աշխատասիրութեան եւ բոլոր գործերուն մէջ հետեւողականութեան եւ կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը, որպէս երաշխիք յաջողութեան: Ան ըսաւ, որ անցած տարեշրջանի մեսրոպեանական խումբ մը աշակերտներ այս տարի իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն Հայաստանի մէջ. պարոն Գալուստ դիտել տուաւ, որ այսպիսով, մեսրոպեանականներ իրենց հայրենասիրական ու քրիստոնէաշունչ կազմաւորումը կրնան հաղորդել հայրենի միջավայրին ու հասակակիցներուն: Մեսրոպեանի տնօրնէնը յայտնեց նաեւ, որ այս տարի վարժարանը ունի 73 նորեկներ, որոնց մէկ մասը կու գայ կրթական ոչ-հայկական միջավայրէ. ան գոհունակութիւն արտայայտեց այս երեւոյթին համար եւ վստահեցուց, որ վարժարանը պիտի գործադրէ առաւելագոյն ջանքերը՝ ազգային միջավայրին անոնց համարկումին համար:




Վերամուտին առիթով, յատուկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ նախակրթարանի առաջին դասարան մուտք գործող 53 աշակերտներուն համար, դպրոցական առաջին օրը վերածելով տօնի: Նոյնպիսի միջոցառում մը կազմակերպուեցաւ 56 բողբոջ-աշակերտներուն համար, որոնք այս տարի մուտք գործեցին մանկապարտէզ:




Մանկապարտէզի վերամուտը եւս յատկանշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ. փոքրիկները դասարաններ ու խաղավայր մտան իրենց ծնողներուն ուղեկցութեամբ, առաջին օրը անցնելով խաղերու, տօնական ներկայացումներու եւ հիւրասիրութեան մթնոլորտին մէջ: Մանկապարտէզը բոլորին ներկայացաւ վերաթարմացած տեսքով, շնորհիւ ամրան ընթացքին կատարուած հիմնաւոր նորոգութեան եւ վերաձեւաւորումներուն:




Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Контакт

https://samvelazizian.livejournal.com/97307.html
https://www.facebook.com/armenology/
https://www.facebook.com/Virmeny

 
Ближайшие мероприятия общины: