Киевская Армянская Община 2009-2012

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԸ ՇՆՉԵՑ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՎ
25.12.2019 07:26

Սուրբ տօներուն նախորդած շաբթուան ընթացքին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքը` աշակերտներով, ուսուցիչներով եւ ծնողներով, մասնակիցը դարձաւ երկար շարք մը ձեռնարկներու, որոնք յագեցած էին ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի ապրումներով զորս Մեծ Աւետիսը կը պարգեւէ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն:

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի մեր փոքրիկներուն համար այդ շաբաթը եղաւ ժամանակը Սուրբ Ծննդեան թեմաներով աշխատանքներ կատարելու, երգեր սորվելու, գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ անշուշտ Կաղանդ պապայի այցով եւ բերած նուէրներով ուրախանալու: Այս տարի եւս օրինակելի բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր մանկապարտէզի “Կենդանի Մսուրը”, որուն ներկայ եղան մեծաթիւ ծնողներ` իրենց քաջալերանքով նաեւ ամրապնդելու համար հաւատքը մեր փոքրիկներուն մէջ:

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, Մեսրոպեանի մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Մանուկի Մսուր փոխադրութեան արարողութիւնը: Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան ծառայող վարդապետներ Հայր Ղազար Պետրոսեանի եւ Հայր Խաչիկ Գույումճեանի, աշակերտներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մեսրոպեանի շրջափակի կեդրոնը գտնուող տօնածառը, անոր տակ պատրաստուած Մսուրին մէջ զետեղելու համար խորհրդանիշը Մարդացած Աստծոյն: Արարողութեան առիթով Սուրբ Ծննդեան ուղերձներ արտասանեցին ուսուցիչներ եւ աշակերտներր, հնչեցին հոգեւոր երգեր` վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի:

Սուրբ Ծննդեան պատարագը, ինչպէս միշտ, յատկանշուեցաւ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ. անիկա տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչ քահանան` Տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան ստեղծեց աղօթքի եւ խորհրդածութեան հոգեպարար մթնոլորտ: Մինչ այդ` տօնական միջոցառումներու սկիզբին, տեղի ունեցած էր աշակերտներու խոստովանանքի ընդունումը:

Կաղանդ պապայի այցելութեան, այդ առիթով աւանդական հաւաքոյթին եւ նուէրներու բաշխման զուգահեռ, տեղի ունեցաւ ուտելիքներու պազար, կազմակերպութեամբ Ծնողական յանձնախումբին:

Միւս կողմէ, ուսուցիչները ի մի եկան տօնական հաւաքոյթի մը մէջ, որուն առիթով վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ փոխանցեց իր բարեմաղթանքները:

Սուրբ տօներուն առիթով Մեսրոպեանի մէջ կայացած հոգեւոր բնոյթի բոլոր ձեռնարկները ղեկավարեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, գործակցութեամբ Հայր Ղազար Պետրոսեանի, Հայր Խաչիկ Գույումճեանի, կրօնի դասատու տիկին Սալբի Քէշիշեանի, բաժիններու պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներու:



Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 
Ближайшие мероприятия общины: